2013-06-14 12:39:25

Մահապատիժի Դէմ Համաշխարհային 5րդ Համաժողովը Սպանիայի Մէջ` ''Առանց Մահապատիժի Աշխարհ Մը''։


Զուիցերեայ ի շարս այլ պետութիւններու կը մասնակցի մահապատիժի դէմ միջազգային ժողովին որուն աշխատանքները սկիզբ առին Սպանիայի մայրաքաղաք` Մատրիտի մէջ անցեալ յունիս 12-ին ու վերջ կը գտնեն 15 յունիսին։
Ժողովի ընթացքին ունեցած իր զեկոյցին մէջ Դաշնակցային Զուիցերիոյ խորհրդատու` Տիտիէ Պուրհալդեր մատնանշեց թէ ''մահապատիժը ներհակ է Զուիցերիոյ պաշտպանած արժէքներուն։ '' ու ապա հրաւիրեց ''բոլոր պետութիւնները ստորագրելու մահապատիժի դէմ օրէնքը։''
Նշենք որ մինչեւ օրըս 198 պետութիւններու վրայ 140-ը հրաժարած են մահապատիժի գործադրումէն։ Շուրջ 20 երկիրներու մէջ ամէն տարի մահապատիժ կը գործադրուի մասնաւորապէս Չինաստանի, Իրանի, Իրաքի, Սաուտի Արաբիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ։
Մահապատիժի դէմ համաշխարհային 5-րդ համաժողովը կազմակերպուած է Սպանիայի, ֆրանսայի, Նորվեկիայի եւ Զուիցերիոյ հովանաւորութեամբ։ Աշխատանքներուն կը մասնակցին 90 պետութիւններու 1500 պատուիրակներ, ունենալով որպէս կէտնպատակ քաջալերել պետութիւնները ջնջելու մահապատիժը ազգային, տարածաշրջանային ու համաշխարհային գետնի վրայ։ Կազմակերպիչ պետութիւններու գնահատումով մահապատիժը անհաշտ է մարդու իրաւունքնին հետ ու կը բռնաբարէ մասնաւորապէս կեանքի ի նպաստ իրաւունքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.